2014-11-13 10:26:55

''Քրիստոնեաները հարստահարուած են անմիտ բռնութիւններով` արթնցուցէք խիղճերը''` Ֆրանչիսկոս Քահանայապետին կոչը։


(Ռ.Վ. 13 նոյեմբեր 2014) Չորեքշաբթի, 12 նոյեմբեր 2014-ի առաւօտեան, սուրբ Պետրոսի հրատարակին վրայ շնորհած հրապարակային ունկնդրութեան աւարտին, զանազան լեզուներով յղած ողջոյններու ընթացքին, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը դարձեալ կոչ մը ուղղեց հարստահարուած քրիստոսներուն ի խնդիր, որոնք - ըսաւ Ան - ''հալածուած են եւ սպաննուած իրենց կրօնի ու հաւատքին համար'', հաստատելով թէ ''մտահոգութեամբ եւ անհանգստութեամբ կը հետեւի ողբալի իրադարձութիւններուն''։
Քահանայապետը ապա յայտնեց իր հոգեւոր մօտիկութիւնը բոլոր քրիստոնեայ հասարակութիւններուն որոնք հարստահարուած են անմիտ բռնութիւններով։ Ան ապա քաջալերեց հովիւներն ու հաւատացեալները ամրապնդուած մնալու յոյսին մէջ, հուսկ խօսքը ուղղելով ազգային ու միջազգային բոլոր քաղաքական իշխանութիւններուն եւ բարի կամք ունեցող մարդոց, կոչ ուղղեց արթնցնելու խիղճերը` ի պաշտպանութիւն հալածուած քրիստոնեաներուն, որոնք - հաստատեց Քահանայապետը- իրաւունք ունին իրենց երկիրներուն մէջ գտնելու ապահովութիւն եւ անդորրութիւն եւ ազատօրէն դաւանելու իրենց հաւատքը։








All the contents on this site are copyrighted ©.